2014-06-25 12:54:05

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ ` Այծին ականջէն մի՛ բռներ


Խայտառակութիւնը երեք ուղղութիւն կրնայ ունենալ: Առաջին՝ ուրիշը քեզ կը խայտառակէ, երկրորդ՝ դուն ուրիշը կը խայտառակես, իսկ երրորդ՝ երկուքդ միասին կը խայտառակուիք:
Ինչքա՜ն արդարացի պէտք է ըլլայ մարդ կամ ինչքա՜ն անարատ, որ կարենայ խայտառակել ուրիշը: Սակայն այդքան արդարացի ու անարատ անձ մը, արդէն անմեղ ըլլալով՝ արդեօ՞ք կ՛ուզէ ուրիշը խայտառակել:
Նոր Կտակարանեան էջերուն մէջ, Յիսուսի ծնունդը կանխող տողերուն մէջ Ս. Կոյս Մարիամի խօսեցեալին՝ Յովսէփի մասին կը կարդանք այն վկայութիւնը, թէ ան որովհետեւ արդար մարդ էր, խորհեցաւ լռելեայն արձակել իր նշանածը, երբ իմացաւ անոր յղի ըլլալը: Ուրեմն, այն հասկացողութիւնը գոյութիւն ունի, թէ՝ արդար մարդը չ՛ուզեր խայտառակել ուրիշը:
Երկրորդ ուղղութիւնը, ՜՜որ դուն ուրիշը խայտառակես՝՝ պարզապէս վերը բացատրուածին փոխադարձ ընթացքն է, այսինքն՝ դուն ալ եթէ արդար ես ու անմեղ, բնա՛ւ պիտի չուզես ուրիշը խայտառակել: Այսպիսով Յիսուսի մտածողութեան մէջ գտնուող ոսկեայ կանոնը՝ «ինչ որ կ՛ուզէք մարդիկ ընեն ձեզի, դուք նոյնը ըրէք անոնց», արդէն իրականութիւն կը դառնայ, դուրս գալով իր բառային սահմաններէն:
Երրորդ տեսակը խայտառակութեան այն է, ՜՜երբ խայտառակողն ու խայտառակուողը միասին կը խայտառակուին…՝՝
Այս տեսարանին շատ կը հանդիպինք կեանքի մէջ: Այստեղ ճիշդ է որ երկու անձեր կան, կամ՝ երկու կողմեր, սակայն անոնցմէ մին նախայարձակ դերակատարն է, իսկ երկրորդը կացութեան կրողն է, այսինքն՝ զոհը, որ ուրիշին կողմէ կը խայտառակուի: Այս երկրորդը կրնայ լուռ մնալ, թերեւս գիտնալով իր յանցաւոր ըլլալը: Մենք միշտ վարժ ենք լուռ մնացողը յանցաւոր սեպելու եւ նոյնիսկ առանց զայն հարցուփորձելու՝ մեղաւոր յայտարարելու…
Յամառ ու ինքնահաւան անասուն նկատուող այծին տէրը անոր ականջէն բռնած՝շուկայի հրապարակէն կը վերադարձնէր իր տան ախոռը: Անոր յամառութիւնը պատժելու համար, մարդը հազարումի անարգական արտայայտութիւններ կը հասցէագրէր այծին: Ան կը թուէր անցեալին անոր անհնազանդութիւնները, լեռներու անմերձենալի ժայռերուն վրայ անցուցած վտանգները եւ նոյնիսկ իրեն պատճառած վտանգալից պահերը, երբ փորձած էր հասնիլ իր ետեւէն ու հօտին մօտ վերադարձնել զայն:
Անցորդները այդ պահուն, տեսնելով այծին լուռ եւ նոյնիսկ առանց մայելու քաշքշուիլը, տարբեր եզրակացութիւններու կը յանգէին: Անոնցմէ մէկը քիթին տակէն կ՛ըսէր. «Սա խենթ մարդուն նայեցէք՝ խելքը այծին հետ դրեր է»: Ուրիշ մը կ՛ըսէր թէ՝ «խեղճ այծը բերանն ալ չի բանար ու կամաւորաբար կ՛ենթարկուի սա մարդուն անարգական վերաբերումին»: Երրորդ մը կ՛ըսէր. «Սա այծը ով գիտէ ինչքան անհնազանդութիւններ գործած է ցարդ, որ այսքան բիրտ վերաբերումի կ՛արժանանայ այս մարդուն կողմէ»: Իսկ այլ անցորդ մը, մօտենալով այծին տիրոջ, ցոյց կու տայ այն ամբոխը, որ շուկային մէջ կեցած զիրենք կը դիտէր, ու կ՛ըսէ. «Ինչքան որ այծդ խայտառակեցիր, դուն ալ անոր հետ խայտառակուեցար…»:
Նոյնն է այսօր մեր կեանքին մէջ: Մէկուն հասցէին վատաբանելու սովորութիւն ունեցողներ չեն անդրադառնար, որ անոր վնասելէ առաջ իրենք իրենց անուան արատ կը բերեն: Իսկ հրապարակաւ ուրիշներու անունը մրոտողներ, իրենք իրենց անունին ու համբաւին վնաս կը հասցնեն նախ եւ ապա՝ ուրիշին: Երբեմն ճարպիկներ կան, որոնք ուրիշին ձեռքով կը կատարեն «այծին ականջէն բռնելու» արարողութիւնը հրապարակաւ: Սակայն այդ ալ երկար ժամանակ պահուած չի մնար, որովհետեւ շուտով ի յայտ կու գայ «այծին ականջէն բռնելու» հրահանգ տուող անձը, որ կրնայ որոշ ժամանակ մութին մէջ պահուած մնալ:
«Այծին ականջէն բռնելը» շատ վտանգաւոր արարք է, որուն հետեւանքները շատ յստակ են: Ատիկա խայտառակութենէ բացի այլ արդիւնք պիտի չունենայ այդ գործին իր ձեռքը խառնող մարդուն: «Այծերու» հետ գործ մի՛ ունենար, ո՛չ ալ անոնց «ականջէն» բռնէ, քու պատիւդ, համբաւդ ու անունդ միշտ բարձր պահելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.